2014-07-04 09:37:35

Քրաքովիայի մէջ ներկայացուեցան յառաջիկայ ''ՃՄՃ-ի''` երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ նշանաբանն ու աղօթքը։


Հինգշաբթի, 3 յուլիս 2014-ին, Քրաքովիայի մէջ ներկայացուեցան` 2016-ի, Յուլիս 26-31, Քրաքովիայի մէջ նշուելիք` Երիտասարդութեան համաշխարհային 31-րդ օրուայ նշանաբանն ու աղօթքը, որուն խորագիրն է ''Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ ողորմութիւն պիտի գտնեն'' (Մատթ 5,7)։
Նշանաբաին մէջ, որ կազմուած է կարմիր, կապոյտ ու դեղին` Քրաքովիան յատկանշող գոյներէ, ներկայացուած է Լեհաստանի քարտեզը, որուն վրայ զետեղուած է խաչ մը որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսը` որ է երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն կեդրոնը, ուրտեղէն դուրս կու գան երկու ճառագայթներ` կապոյտ ու կարմիր գոյներով որ կը խորհրդանշեն ''Աստուածային Ողորմութիւնը''` արիւնն ու ջուրը որ յորդեցան Յիսուսի կողէն, այնպէս ինչպէս պատկերացուած է` Սրբուհի Ֆաուսդինա Քովալսքայի կամքով գծագրուած նկարին մէջ։
Մինչ ՃՄՃ-ի պաշտօնական աղօթքը կազմուած է երեք մասերէ. Առաջինը` ամէն մարդ արարածի ու յատկապէս երիտասարդներուն յանձնումը Աստուածային ողորմութեան։ Երկրորդ` խնդրանք Տիրոջմէ, ողորմած սիրտ մը ունենալու համար եւ երրորդ` պաղատանք առ Սուրբ Կոյս Մարիամն ու ՃՄՃ-ի պաշպտան սուրբ` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին, ընդունելու համար անոնց բարեխօսութիւնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.